2014-03-11 10:21:21

Համաօրթոտոքս եպիսկոպոսներու ժողով Իսթանպուլի մէջ 2016 թիւին` 1054 թուականի Եկեղեցւոյ բաժանումէն ետք առաջին հաւաք։


2016-ին տեղի պիտի ունենայ համաօրթոտոքս եպիսկոպոսներու ժողով Իսդանպուլի սուրբ Իրենէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, կը հաղորդագրէ 8 մարտ 2014 Ազիանիւզ կաթողիկէ լրատու գործակալութիւնը։Օրթոտոքս եկեղեցիներու պատասխանատուները Կ.Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ի նախաձեռնութեամբ` 6 մարտ 2014 ին, Իսդանպուլ համախմբուած էին խորհրդակցելու Միջին Արեւելքի եւ Ուքրանիոյ կացութեան մասին։Սակայն օրուան գլխաւոր յայտագիրը եղաւ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի կազմակերպումը եւ որուն նախապատրաստական աշխատանքները սկսած էին 1960-ական տարիներուն։
Յանձնախումբին մաս կը կազմեն ինքնագլուխ յոյն օրթոտոքս իւրաքանչիւր եկեղեցիներէն մէկ եպիսկոպոս։ Յանձնախումբը պարտակնութիւնը ստանձնած է նախապատրաստական վաւերաթուղթ մը շարադրելու։ Այս նոյն յանձնախումբը ապագային եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի քարտուղարութիւնը պիտի ստանձնէ։
Ամէն ինքնագլուխ Յոյն Եկեղեցի կարելիութիւն պիտի ունենայ, 20 եպիսկոպոս ուղարկել համաօրթոտոքս եպիսկոպոսական ժողովին, սակայն իւրաքանչիւր եկեղեցի մէկ քուէի իրաւունք պիտի ունենայ եւ որոշումները պիտի առնուին բոլորին համամիտութեամբ։
Համաօրթոտոքս եպիսկոպոսական ժողովին նպատակն է միութեան հասնիլ ու յաղթահարել անցեալի ներքին լարուածութիւններն ու բաժանումները ինքնագլուխ Յոյն եկեղեցիներու միջեւ, ի մասնաւորի ընդդմէջ Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան եւ Մոսկուայի ու համայն Ռուսիոյ պատրիարքութեան։
Համաօրթոտոքս եպիսկոպոսական ժողովի քարտուղարութիւնը կը գտնուի Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան Շամբէզի կեդրոնին մէջ Ժընեւի մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.